2014-01-21 11:53:41

Նոր պայթում մը Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ` հինգ մեռեալ եւ 34 վիրաւոր:


Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ, այսօր երեքշաբթի 21 յունուարի առաւօտեան, տեղական ժամանակով ժամը 11:03-ին, տեղի ունեցած է պայթում մը, Հարեթ Հրէյքի մէջ գտնուող Քուտս գրախանութին մօտ։ Այս մասին տեղեկացուց Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Պայթումին հետեւանքով հրկիզուած են Պարաքա դրամատան մօտ գտնուող Սուպահի համալիրին կից եղող շէնքին առաջին հինգ յարկերը: Ըստ ”Ժատիտ” լրատուակայանի՝ ականուած ինքնաշարժը եղած է սպիտակ գոյնով ՔԻԱ մը, որ պայթած է անձնասպանական նպատակով:
Ըստ նախնական տուեալներու‚ պայթումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հինգ է‚ իսկ վիրաւորներունը 35։ Պայթումը տեղի ունեցած է Հարէթ Հրէյքի մէջ տեղի ունեցած նախկին պայթումի վայրէն շուրջ 15 մեթր հեռաւորութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.